2015-06-26 13:51:00

Միացեալ Յայտարարութիւն`Սուրբ Աթոռի եւ Պաղեստինի միջեւ համաձայնագիրի մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ուրբաթ 26 յունիս 2015-ին, առաքելական պալատին մէջ, ստորագրուեցաւ ''ընդհանրական համաձայնագիր մը'' սուրբ աթոռի եւ Պաղեստինի պետութեան միջեւ'', կը կարդանք այս առընչութեամբ  վերոյիշեալ երկու պետութիւններու հրատարակած  միացեալ յայտարարութեան մը մէջ։ 

''Համաձայնագիրը կը յաջորդէ Սուրբ Աթոռի եւ Պաղեստինի ազատագրումի կազմակերպութեան միջեւ 2000-ի` 15 փետրուարին, ստորագրուած համաձայնագիրը եւ պտուղն է երկկողմանի յանձնախումբի վերջին տարիներու բանակցութիւններուն''։

''Համաձայնագիրը ստորագրեցին, Սուրբ Աթոռի կողմէ գերապայծառ Փոլ Կալլակէր` Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղար եւ Պաղեստինի կողմէ` Տիար Ռիատ Ալ Մալքի Պաղեստինի Սրտագին գործոց նախարարը։

Համաձայնագիրի ստորագրութեան արարողութեան ներկայ էին երկու պետութիւնները ներկայացնող պատուիրակներ։

Համաձայնագիրը ունի նախաբան մը`  եւ բաղկացած է  32 յօդուածներէ  ներփակուած 8 բաժանումներու մէջ, ու կը հայի Պաղեստինեան Պետութեան մէջ Եկեղեցւոյ կեանքին ու գործունէութեան։  

Համաձայնագիրը, որուն մէջ մատնանշուած է շրջանի իրավիճակի խաղաղ լուծում գտնելու մաղթանքին ու թիկունքին, ի զորու կը դառնայ երբ երկու պետութիւնները իրենց սահմանադրութիւններուն համաձայն գրաւոր վաւերացում կու տան անոր։








All the contents on this site are copyrighted ©.